Jump to content

Նախագծեր/Արեւմտահայերէն նախագիծ

Վիքիմեդիա Հայաստան-ից
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան առաջնահերթ նպատակներէն է աջակցիլ եւ խթանել համացանցի վրայ հայերէն բովանդակութեամբ եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով տեղեկութիւններու զարգացումը, իսկ 2014-էն սկսեալ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի ստեղծումն ու զարգացումը։

Ուիքի դասընթացք-հաւաք

2015-էն՝ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի զարգացման հեռանկարով, «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ ամէն տարի կը կազմակերպէ «Ուիքի դասընթացք-հաւաք՝ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու, մամուլի աշխատակիցներու եւ հետաքրքրուած անհատներու համար», ուր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն՝ տարբեր երկիրներէ, արեւմտահայերէնի տիրապետող եւ համակարգիչի օգտագործման ծանօթ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, լրագրողներ եւ հետաքրքրուող անհատներ: Դասընթացքը նպատակ ունի «Ուիքիփետիա»-ի համակարգողներ պատրաստել սփիւռքի տարածքին՝ զարգացնելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ն եւ տարածելու «Ուիքիփետիա»-ի մասնակցութեան գաղափարները եւ գործիքներու տիրապետումը։ Մէկ շաբթուան ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան «Ուիքիփետիա»-ի գաղափարախօսութեան եւ խմբագրութեան գործիքներուն ու եղանակներուն։

Ուիքի Ճամբար

2016 թվականի Ամառային Վիքիճամբարը Լիսաբոնում, Պորտուգալիա
Ուիքի Ճամբարը «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան կողմէ յղացուած ու հետեւողականօրէն իրականցուող կրթական ծրագիր մըն է, որ կը միտի պատանիներ ու երիտասարդներ քաջալերել եւ օգնել անոնց, որպէսզի իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն Ուիքիփետիայի խմբագրական աշխատանքներուն: «Ուիքիմետիա Հայաստան»ը մինչեւ այսօր տասներկու Ուիքի Ճամբար կազմակերպած է։ «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի այս նախաձեռնութիւնը «Ուիքիմանիա 2014»-ին կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս տարուան ամէնէն յաջող ու համակրելի ծրագիրը:

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Անդրանիկ Ճամբարը տեղի ունեցաւ 2015-ին, մասնակցութեամբ՝ լիբանանահայ աշակերտներու, երկրորդը՝ Փոլթուկալի ճամբարը, տեղի ունեցաւ 2016-ին, իսկ երրորդը՝ Ֆրանսայի Ուիքի Ճամբարը, տեղի ունեցաւ 2017-ին։

Ճամբարներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայէն, Թուրքիայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն 16-25 տարեկան երիտասարդներ, որոնք ցանկութիւն ունին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան զարգացնել: Ուիքի Ճամբարի առօրեան կ՚ընդգրկէ չորս ժամ խմբագրական աշխատանք: Օրուան ընթացքին մասնակիցները կը քննարկեն լեզուական եւ քերականական հարցեր, կը կատարեն թարգմանչական աշխատանքներ, կը փորձեն ստեղծագործել, կը կազմակերպեն երաժշտական ելոյթներ եւ կը սորվին հայկական երգեր ու պարեր:

Յայտարարութիւններ

Ուիքիմետիա Հայաստան գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ կը սկսի «Նոր Համայնք, Նոր Տաղանդ» նախաձեռնութիւնը։ (Իմանալ ավելին), սեպտեմբեր, 2018

Վիքիմեդիա Հայաստանը Արևմտահայերեն Վիքիպեդիա նախագծի համար փնտրում է տեսահոլովակներ պատրաստող անձանց։