Հայտարարություններ/Արևմտահայերեն նախագիծ/Դասընթաց կրթական հաստատությունների ներկայացուցիչների հետ, Ապրիլ 2018
Դասընթաց սփյուռքի կրթական հաստատությունների ներկայացուցիչների համար
«Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպություն, Գալուստ Գյուլբենկյան հիմնադրամ
«Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ «Ուիքի դասընթացք-հաւաք՝ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու, մամուլի աշխատակիցներու եւ հետաքրքրուած անհատներու համար», որուն իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել տարբեր երկիրներէ արեւմտահայերէնի տիրապետող եւ համակարգիչի օգտագործման ծանօթ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, լրագրողներ եւ հետաքրքրուող անհատներ:
Երրորդ Ուիքի «Դասընթացք-հաւաք»ը տեղի պիտի ունենայ հայրենիքի մէջ՝ Ծաղկաձոր (Հայաստան), 25–30 Յունիս, 2018-ին։
Հինգ օրուան տեւողութեան մասնակիցները պիտի ծանօթանան «Ուիքիփետիա»ի խմբագրութեան գործիքներուն ու եղանակներուն։
Մանրամասնութիւններու համար այցելել հետեւեալ էջը, իսկ գրանցման յայտը լրացնելու համար այցելել հետեւեալ կայքը։
Ընթերցողներուն մասնաւոր ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ նախապէս մասնակցողները զերծ կը մնան դարձեալ մասնակցելէ՝ նորեկներու առիթ ընծայելու ցանկութեամբ։