Հայտարարություններ/Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագրաթոն
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Խմբագրաթոն
«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւն
Ուրեմն միացի’ր մեր խմբագրաթոնին
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Առցանց Խմբագրաթոններու եղանակը կը յայտարարենք բացուած ու ձեզ կը հրաւիրենք մասնակցելու յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենալիք խմբագրաթոններէն առաջինին։
Առցանց խմբագրաթոնը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 14-15-ի շաբաթավերջին, շուրջօրեայ մասնակցութեան հնարաւորութեամբ։ Խմբագրաթոնին հրաւորուած են մասնակցելու աշխարհի տարբեր կողմերէն արեւմտահայերէն յօդուածներու մեր խմբագիրները։
Խմբագրաթոնին նպատակն է մէկ շաբաթավերջին ընթացքին միասնաբար ու թափով բարելաւել հետեւեալ նիւթերու լուսաբանումը Ուիքիփետիայի հարթակին վրայ՝ թէ՛ խմբագրուած յօդուածներու քանակական աճին եւ թէ արդէն իսկ հրապարակուած յօդուածներու խորացման ու ամբողջացման ուղղութիւնններով.
- Տարազներ
- Խոհանոց
Խմբագրաթոնին ընթացքին կը տարմադրուի նիւթերու ցանկ, սակայն իւրաքանչիւր մասնակից ազատ է խմբագրելու եւ բարելաւելու իր նախընտրութեամբ այլ նիւթեր։
Յօդուածները խմբագրելու կամ բարելաւելու համար մենք պիտի տրամադրենք արեւմտահայերէն առցանց եւ ոչ առցանց աղբիւրներ, սակայն շատ ողջունելի կ՛ըլլայ նաեւ մասնակիցներու կողմէ այլ աղբիւրներու օգտագործումն ու նշումը։