Մամուլի հաղորդագրություն/Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան արդէն ունի իր առանձին հարթակը

Վիքիմեդիա Հայաստան-ից
Jump to navigation Jump to search

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան վերջապէս ունի իր առանձին հարթակը
«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնադրամ

Կապ հաստատելու համար դիմել Ազնիւ Ստեփանեանին

+374 93118800


Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան վերջապէս ունի իր առանձին հարթակը


Երկար սպասումէ ետք, 1 Ապրիլ 2019-ին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան օժտուեցաւ իր առանձին յղումով՝ hyw.wikipedia.org։ Այս կարգանիշին միջոցաւ կարելի է այցելել Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առցանց հարթակը։

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին հարթակ դառնալու նպատակին նպաստեցին Ուիքիմետիա Հայաստան կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն ընթացքին ստեղծեցին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ու հովանաւորեցին անոր նախագիծերը։

2014 թուականէն ի վեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի շուրջ համախմբուած են հարիւր յիսունէ աւելի կամաւոր խմբագիրներ, որոնք պարբերաբար մասնակցած են վերապատրաստման դասընթացքներու։ Այսօր արդէն իսկ ունինք 7500-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածներ, որոնք տեղակայուած են Արեւելահայերէն Ուիքիփետիայի բաժանմունքին մէջ եւ շուտով պիտի տեղափոխուին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի հարթակը։ Մեր մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ այս թիւը օրէ օր աւելցնել եւ որակը բարձրացնել։

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանին նպատակը եղած է ու կը մնայ հայթայթել բազմապիսի եւ բազմաբովանդակ՝ հայկական եւ համաշխարհային, յօդուածներ՝ այսպիսով կարեւոր ներդրում ունենալով արեւմտահայերէնի առցանց զարգացման ուղղութեամբ։

«Կը շնորհաւորենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Ուիքի համայնքը եւ արեւմտահայերէն խօսող մեր հայրենակիցները», ըսաւ Ուիքիմետիա Հայաստանի Նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանը։ «Այս իսկապէս կարեւոր քայլ մըն է՝ արեւմտահայերէնը ներմուծելու ժամանակակից ծրագիրներու մէջ եւ անոր տալու նոր շունչ ու նոր եռանդ»։

«Այս ուրախ առիթով, մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր կամաւորներուն ու խմբագիրներուն։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ու կը շարունակեն սատարել սոյն աշխատանքին իրականացման», յայտնեց Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծին համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանը։ «Թերթատելով Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի էջերը, պարզ կը դառնայ, որ այս հարթակը իր կարեւոր դերը կրնայ խաղալ լեզուին գործածութեան խթանումին, ինչպէս նաեւ՝ մասնագիտական եւ այժմէական նիւթերով ու դարձուածքներով անոր զարգացման մէջ»։

Նշենք, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի կարգանիշը ընդունուեցաւ 30 Յունուար 2018-ին SIL International-ի կողմէ, որ ISO 639-3-ը արձանագրող մարմինն է։ Նոր կարգանիշ ունենալու միտքը սկիզբ առած էր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին բաժին մը ստեղծելու հեռանկարով, սակայն պիտի կարենայ ծառայել նաեւ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով տարբեր ծրագիրներ (ինչպէս՝ սրբագրիչ, փոխադրիչ, թարգմանիչ) մշակելու աշխատանքին։

«Ուիքիփետիան կարեւոր հարթակ մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կարելի է գործածել զանազան ձեւերով՝ կարդալով, խմբագրելով, բարելաւելով ու ստեղծելով արեւմտահայերէն յօդուածներ», ըսաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը։ «Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը արդիւնաւէտ հիմքերու վրայ դրուած է։ Յուսանք, որ լեզուին տիրապետող բոլոր անհատները օգտագործեն այս առիթը, համացանցի վրայ զարգացնելու արեւմտահայերէն բովանդակութիւնը»։

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորին։ Ուիքիփետիայի խմբագրման գործիքներուն ծանօթ ոեւէ անհատ կրնայ հոն իր մասնակցութիւնը բերել։