Հայտարարություններ/Ուիքիմետիա Հայաստանը կը փնտռէ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի Ծրագիրի Աշխատակից

Վիքիմեդիա Հայաստան-ից
Jump to navigation Jump to search

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի Ծրագիրի Աշխատակից
«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնադրամ

«Ուիքիմետիա Հայաստան»ի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ջանքերով սկիզբ առած «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի նախագիծին շրջանակէն ներս կիսաժամ աշխատակից մը կը փնտռուի։

Ընդունուած թեկնածուն գործի պիտի սկսի ընդունման թուականէն սկսեալ, 6 ամսուան վրայ երկարող ժամանակաշրջանի մը համար։ Պայմանագիրը կարելի պիտի ըլլայ երկարաձգել 6 ամիս եւս։

Նախատեսուած պարտականութիւններն են՝

  • Ծրագիրներ եւ միջոցառումներ մշակել՝ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի զարգացման եւ բովանդակութեան ընդլայնման համար,
  • Խմբագրման ենթակայ յօդուածներու ցանկեր կազմել,
  • Տարբեր համայնքներու, տարբեր հաստատութիւններու եւ միութիւններու հետ համագոծակցիլ՝ շարժումը տարածելու եւ նոր խմբագիրներ ներգրաւելու նպատակաւ։

Թեկնածուներու մասնագիտական հմտութիւններու եւ ունակութիւններու ստուգման չափանիշներն են`

  • Բարձրագոյն կրթութիւն,
  • Արեւմտահայերէնի եւ անգլերէնի գերազանց իմացութիւն,
  • Համակարգչային գերազանց գիտելիքներ, Google G-Suite-ով աշխատելու (Google Docs, Spreadsheets եւ այլն),
  • Ծրագիրներ համակարգելու հմտութիւն,
  • Հաղորդակցութեան եւ խմբային աշխատանքներու հմտութիւններ։

Հետաքրքրուողներէն եւ պահանջուող չափանիշները լրացնող անձերէն կը խնդրուի իրենց կենսագրական տուեալները (CV) եւ այս աշխատանքին հետ կապուած գործնական առաջարկները (մօտաւորապէս մէկ էջ), ուղարկել info@wikimedia.am ելեկտրոնային հասցէով, ինչպէս նաեւ կը խնդրուի ելեկտրոնային նամակին վերնագիրը լրացնել՝ ««Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի Ծրագիրի Աշխատակից» խորագիրով։

Դի­մում­­նե­րու ներ­կա­յաց­ման վերջնական ժամկէտը 22 Յունիս 2018 է: